ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՆՈՐՈՎԻ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐ

Գնալը կղզիի մէջ այս տարի եւս տեղի կ՚ունենայ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երիտասարդաց համերգաշարը։ 2024 թուականի ամրան առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Կղզիի բարձունքին այս ձեռնարկին առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ծրագիրը կը համակարգեն Սեւան Աթաօղլու, Յակոբ Մամիկոնեան եւ Արի Հերկել. անուններ, որոնք պոլսահայ երաժշտական կեանքէն ներս ունին կարեւոր ներդրում։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ Նարօտ Զուռնաճըի եւ Վարդան Մամիկոնեանի հանդիսավարութեամբ։ Եղանակի առաջին համերգին հանդէս եկան՝ Մինաս Եըլտըզ, Լոռի Սիւզմէ, Ատիս Տողանայ, Նորա Իփեքճի եւ Լիլիան Ավիթօղլու, որոնք իրենց կատարումներով արժանացան ծափահարութիւններու։

Հանդիսութեան աւարտին ելոյթներ ունեցան Սեւան Աթաօղլու, ինչպէս նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ եւս իր ներկայութիւնը բերաւ երեկոյթին։

Շաբաթ, Յունիս 29, 2024