ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 58-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը արդէն 58 տարեկան է։ Երկու տարիէ ի վեր դժբախտաբար կայանը փակ է՝ շէնքի ամրակայման անհրաժեշտութեան առումով։ Ատենապետ Սարօ Պենկլեանի կողմը գլխաւորուած խնամատար մարմինը այդ աշխատանքները յառաջ կը տանի համագործակցելով Գարակէօզեան տան խնամակալութեան հետ։

Մինչ այդ, երէկ, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցան Կազդուրման կայանի հիմնադրութեան տարեդարձին ձօնուած աւանդական կրօնական արարողութիւնները, որոնք առիթ հանդիսացան՝ մանաւանդ հաստատութիւնը հովանաւորած երջանկայիշատակ պատրիարքներու, երախտաշատ հիմնադիրներու, բարերարներու, սատարողներու, վարչայիններու եւ սպասաւորներու հոգեհանգստեան արարողութեամբ ոգեկոչմամբ։ Այսինքն թէեւ տարեդարձի առթիւ աշխարհիկ հանդիսութիւն տեղի չունեցաւ, սակայն, կրօնական արարողութիւնները տեղի ունեցան թէ՛ կայանի եւ թէ Գարակէօզեան տան վարչայիններու մասնակցութեամբ։

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Գոհաբանական Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի եւ կղզիի Ներսէսեան դպրաց դասու համատեղ կազմին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։

Ս. Պատարագին ներկայ էին նաեւ Անկլիքան եկեղեցիէն Հայր Ճոն Ուիլի եւ կղզիի յոյն համայնքի ամառնային ճամբարի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոս։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2024