ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ար­դէն ա­ւան­դա­կան դար­ձած է քա­ղա­քիս մէջ կազ­մա­կեր­պուած Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի խրախ­ճան­քը՝ Ս. Աս­տուա­ծած­նի տա­ղա­ւա­րին յա­ջոր­դած շա­բաթ­նե­րուն։ Այս տա­րի եւս շա­րու­նա­կուե­ցաւ սոյն նա­խըն­թա­ցը՝ շա­բա­թա­վեր­ջին Գնա­լըի մէջ կազ­մա­կեր­պուած բազ­մա­կող­մա­նի ծրագ­րով։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ս. Աս­տուա­ծած­նի տա­ղա­ւա­րին օ­րը մեր հա­մայն­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը կը կեդ­րո­նա­նայ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի վրայ, ուր կը ստեղ­ծուի մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն, ան­մի­ջա­պէս յա­ջոր­դող օ­րե­րուն Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած այս խրախ­ճանքն ալ ա­ռիթ կ՚ըն­ձե­ռէ, որ­պէս­զի այդ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը Մու­սա լե­րան շրջա­նէն տե­ղա­փո­խուի Պո­լիս եւ հա­մա­տա­րած ձե­ւով ըմ­բոշխ­նուի մեր հա­մայն­քին կող­մէ։

Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի այս տա­րուան խրախ­ճան­քը շա­բա­թա­վեր­ջին հեր­թա­կան ան­գամ ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ՝ որ­պէս­զի Մու­սա լե­րան պատ­մա­կան հա­րուստ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը վե­րա­կեն­դա­նա­նան Գնա­լը կղզիի բար­ձուն­քին՝ ա­ղօթ­քով ու միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գիով։ Եր­կու օ­րե­րու վրայ տա­րա­ծուած ծրա­գի­րը խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն վրայ։ Խրախ­ճան­քը սկսաւ Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան։ Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն եւ ա­ղօրհ­նէք, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Բազ­մա­կող­մա­նի ծրագ­րի սկզբնա­կան փու­լին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը բո­լո­րին փո­խան­ցեց օրհ­նու­թիւն­նե­րը՝ իր կող­քին ու­նե­նա­լով Կղզեաց հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեա­նը, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեա­նը եւ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց Տ. Ա­ւե­տիս Քհնյ. Թա­պա­շեա­նը։ Այս ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ սկսաւ խրախ­ճան­քը։ Ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կէն ներս մէկ կող­մէ օրհ­նուած ա­ղով սկսաւ ա­ւան­դա­կան հա­րի­սա­յի պատ­րաս­տու­թիւ­նը, իսկ միւս կող­մէ գոր­ծադ­րուե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր։ Հա­րի­սա­յի պատ­րաս­տու­թեան հա­մար վա­ռուած կրակ­նե­րը կար­ծես խորհր­դան­շե­ցին խա­րոյկ­ներ, մինչ խրախ­ճան­քին մաս­նա­կից­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ դա­րա­ւան­դին վրայ շուրջ­պար բռնե­ցին։ Մե­ներգ­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Մա­րալ Չաղ­լը­չու­պուք­ճու։ Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նի ա­շա­կերտ­ներն ալ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թի­ւը բե­րին յայ­տագ­րին։ Մաս­նա­ւոր տա­ղա­ւար­նե­րու մէջ խրախ­ճան­քի այ­ցե­լու­նե­րուն տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուե­ցաւ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի ա­ւան­դա­կան ար­տադ­րան­քը։ Ժո­ղո­վուր­դը կա­տա­րեց գնում­ներ եւ հա­սոյ­թը յատ­կա­ցուե­ցաւ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ։

Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան ե­րես­փո­խան Սեզ­կին Թան­րը­քու­լուն ալ մաս­նակ­ցե­ցաւ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի այս խրախ­ճան­քին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան կող­քին էին Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ծխա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ճէմ Չա­փար եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խո­րուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մեր ծա­նօթ ազ­գա­յին­նե­րէն Միհ­րան Ու­լի­կեան, որ Պոլ­սոյ մէջ կը գլխա­ւո­րէ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի ի նպաստ զօ­րակ­ցու­թեան շար­ժու­մը։

Խրախ­ճան­քը շա­րու­նա­կուե­ցաւ մին­չեւ գի­շե­րուան ուշ ժա­մե­րը։ Մին­չեւ ա­ռա­ւօտ տե­ւեց նաեւ ա­ւան­դա­կան հա­րի­սա­յի պատ­րաս­տու­թիւ­նը։

Ե­րէկ Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Տ. Ա­ւե­տիս Քհնյ. Թա­պա­շեան։ Ներ­կայ էր Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Հոծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ներ­կայ գտնուե­ցան Ս. Պա­տա­րա­գին, ո­րու ա­ւար­տին հա­րի­սա­յի կաթ­սա­նե­րը օրհ­նուե­ցան եւ ան բաժ­նուե­ցաւ ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2016