ՄԵՆԵՐԳԻՉ ՊԱՐԹԵՒ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանի համերգը։ Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս այս առթիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Երաժշտասէրները եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ շարուած նստարանները ամբողջութեամբ լեցուցած էին՝ ունկնդրելու համար Պարթեւի յայտագիրը։ «Մեսրոպաշունչ երգեր» խորագրեալ երեկոյթը ձօնուած էր երանաշնորհ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին։ Ձեռնարկի ընթացքին եկեղեցւոյ արտաքին պատին վրայ կը ցոլանար հոգելոյս սրբազանի մեծադիր նկարը։ Պարթեւին նուագակցեցան Ռոպէր Տողանայ եւ Ռաֆֆի Տէր-Գէորգեան։

Հիւրերու շարքին էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երաժշտասէրներ։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ապա շուրջ մէկուկէս ժամ Պարթեւ գործադրեց իր յայտագիրը, մեծ խանդավառութիւն պարգեւելով ունկնդիրներուն։ Երգացանկին մաս կազմեցին հայկական աւանդական երգեր։

Երեկոյթի աւարտին բոլորը անկեղծօրէն շրջապատեցին Պարթեւը, որու նկատմամբ յայտնեցին իրենց գնահատանքն ու զօրակցութիւնը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2019