ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ԿՐԵՏԷԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՎԻՃԱԿՈՎ

Կրետէ կղզիի մէջ պատահած զօրաւոր երկրաշարժի առթիւ Պատրիարքական Աթոռը Իրաքլիոնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ կապ հաստատելով՝ հետաքրքրուեցաւ պատմական աղօթատան, նաեւ քաղաքաբնակ փոքրաթիւ համայնքի վիճակին հետ։

Այս ուղղութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ եկեղեցւոյ վարչայիններուն հետ, որոնց հաղորդեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշեալեանի բարեմաղթութիւններն ու հայրական օրհնութիւնները։ Ուրախացուցիչ պարագայ է, թէ երկրաշարժը որեւէ վնաս չէ հասցուցած եկեղեցւոյ եւ համայնքի անդամներուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021