ՏՔԹ. ՍԵՒԱՆ ՍՎԱՃԸՕՂԼՈՒ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ճաշասեղանով մը մեծարեց տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն, որ ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական վարչական խորհուրդի անդամակցութեան կոչուած էր։ Ընդունելութեան ներկայ էին Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ անդամներէն Դաւիթ Տամլա, Պատրիարքարանի ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբէն Խաչիկ Ճանէլ եւ Մանուկ Քալայճը, ինչպէս նաեւ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի երկու բարեկամները՝ փրոֆ. տքթ. Էօնտէր Եազըճըօղլու եւ Ուղուր Էրնալպանտ։

Հիւրերը Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի առաջնորդութեամբ նախ այցելեցին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր տեղեկութիւններ ստացան եկեղեցւոյ եւ յարակից մատուռներու մասին։ Ի տես տիրող մաքրութեան եւ կանոնաւորութեան՝ յայտնեցին իրենց հիացումը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ճաշի ընթացքին բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի  վստահուած էր նման հանգամանք մը։ Դրուատալից արտայայտութեամբ գովեց իր աշխատասիրութիւնը, ծառայասիրութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ այս հանգամանքով հաւատարիմ ծառայութիւն պիտի բերէ կուսակցութեան շարքերէն ներս, նաեւ օգտակար պիտի հանդիսանար համայնքին։ Մեր Հոգեւոր Պետը յաջողութիւն մաղթեց իր առաքելութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021