ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏՆԵՐԸ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները վերամուտէն ի վեր արդէն մէկ կողմէ սկսած են դասերու, իսկ միւս կողմէ ալ մասնակցած՝ դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած երկու հաճելի պտոյտներու։ Այսպէս, խումբ մը աշակերտներ Պելկրատի անտառին մէջ վայելած են աշնան շրջանի բնութեան բարիքները։ Ուրիշ խումբ մըն ալ Օդագնացութեան թանգարանը այցելած է։ Այս պտոյտները մեծ խանդավառութեան առիթ դարձած են մասնակից աշակերտներուն համար։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2022