TEOG-Ի ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը արդէն որոշած է յառաջիկայ Նոյեմբերի 25-ին տեղի ունենալիք TEOG-ի քննութեան ընթացքին մասնաւոր հարցումներ ուղղել թրքահայ վարժարաններու աշակերտներուն՝ կրօնագիտութեան եւ բարոյագիտութեան առարկայի պարագային։ Ինչպէս միջոց մը առաջ հաղորդած էինք, մեր համայնքային վարժարաններուն եւ նախարարութեան միջեւ այս ուղղութեամբ տարուած են բազմակողմանի նախապատրաստական աշխատանքներ։ Ըստ երեւոյթին, այս գործընթացը արդէն հասունցած է գործնական առումով։ «Միլլիյէթ» օրաթերթը այսօր կը տեղեկացնէ, որ TEOG-ի շրջագծով կրօնագիտութեան մասնաւոր հարցումներ պիտի ուղղուին թրքահայ վարժարաններու աշակերտներուն, սակայն այդ հարցումները պիտի պատրաստուին թրքերէն։