«ԾԻՐԱՆ» ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳԸ

Երէկ երեկոյեան Շիշլիի քաղաքապետութեան «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Ծիրան» խորագրեալ համերգը, որ կազմակերպուած էր Մխիթարեան եւ Սահակեան սանուց միութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Մեր երաժշտասէրները միջոցէ մը ի վեր արդէն ոգեւորութեամբ կը սպասէին այս համերգին, որ արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը։ Մեր ազգայիններէն Տիգրան Ալթունի ջանքերով կազմակերպուած երեկոյթը պատուեցին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Սելինա Տողան եւ Վազգէն Պարըն, ինչպէս նաեւ համայնքային շրջանակներէն այլ բազում ծանօթ դէմքեր եւ հոծ թիւով երաժշտասէրներ։ Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լիանա Պենլիի եւ Սէրտար Քասափճըլարի։

«Ծիրան» համերգի տեւողութեան իսկապէս տպաւորիչ կատարումներով հանդէս եկան Լէյլա Սարիբէկեան եւ Մարինէ Յակոբեան, որոնց նուագակցեցան՝ Ժան Վարդան, Սուրիկ Զարքարեան, Գարիկ Սարիբէկեան եւ Նարեկ Խեչումեան։ Երեկոյթի ողջ տեւողութեան ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Հայաստանէն եկած արուեստագէտները։

Ձեռնարկի աւարտին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Տիգրան Ալթունին, որ այս համերգի կազմակերպման ուղղութեամբ գործադրած էր մեծ ջանքեր։ Ան իր յուշանուէրը ստացաւ նախաձեռնարկ սանուց միութիւններու ներկայացուցիչներուն ձեռամբ։ Յուշանուէր մը պատրաստուած էր նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինին համար։ Այս վերջնոյն յուշանուէրն ալ յանձնուեցաւ ձեռամբ Տիգրան Ալթունի։

Համերգասրահէ արձակուելու ժամանակ բոլոր ներկաները համակրանքով շրջապատեցին երեկոյթի մասնակից արուեստագէտները, որոնց նկատմամբ յայտնեցին իրենց համակրանքն ու գնահատանքը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2019