ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎՐԺ.-ԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Հայ մշակոյթի ամսուան առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը։ Նկատի ունենալով համաճարակով պայմանաւորուած ստիպողութիւնները՝ նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժինները առանձին ձեւով նշեցին Թարգմանչաց տօնը։ Տղաքը հանդէս եկան զանազան յաջող ելոյթներով, մինչ դասարաններն ու դպրոցի շէնքի զանազան հատուածները զարդարուած էին համապատասխան պաստառներով։ Աշակերտները դիտեցին նաեւ տեսերիզ մը, որ ունէր օրուան տօնին համահունչ բովանդակութիւն մը։

Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէսին ժամանակ արտայայտուեցաւ՝ բացատրելով Թարգմանչաց տօնին կարեւոր նշանակութիւնը։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021