ՈՒՆՃԵԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային բարեյիշատակ ու անմոռանալի բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց, Ս. Պատարագը մատոյց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի երկսեռ անդամները՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։

Արարողութեանց ներկայ գտնուեցան նաեւ Ունճեան ընտանիքի շառաւիղէն Խաչիկ-Սաթի Մանկասարեան, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք եւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօէղլուի գլխաւորութեամբ կրթական մշակներ։

Տէրունական աղօթքէն առաջ հայր սուրբը քարոզեց «Նոյնն է պարագան բոլոր անոնց, որոնք միայն իրենց անձերուն համար հարստութիւն կը դիզեն, փոխանակ Աստուծոյ աչքին հարստանալու» (Ղուկ.12.21) բնաբանով։ Հայր սուրբը յիշեցուց, թէ անմիտ հարուստի առակին սկզբնակէտն է նիւթական հարցի մը կապակցութեամբ Քրիստոսի, երիտասարդի մը հետ ունեցած զրոյցը։ Քրիստոս կը յայտնէ, թէ իր երկրաւոր առաքելութեան գլխաւոր նպատակն է, մարդկութեան յիշեցնել երկնաւոր Հայրը եւ մարդուն հայեացքը ուղղել դէպի երկնաւոր Տէրը։ Հայր սուրբը ապա, շեշտեց ագահութեան հարցը եւ ըսաւ. «Մեծագոյն մեղքերէն մէկն է ծակաչքութիւնը, որ մարդը գերին կը դարձնէ այս աշխարհին։ Անոնք, որոնք կը մտածեն, թէ Քրիստոս հարստութեան դէմ է, կը սխալին։ Մեր Տէրը, դէմ չէ աշխատութեան արդիւնքին եւ նոյնիսկ կ՚օրհնէ արդար աշխատութիւնը, ինչպէս առակին մէջ տեսանելի է։ Տիրոջ ազդարարութիւնը եսասիրութեամբ եւ ծակաչքութեամբ ձեռք բերուած հարստութեան մասին է։ Քանի որ այս ճանապարհով մարդ կը մոռնայ իր Փրկիչը եւ անձնական զօրութեան ապաւինելով կը կարծէ, թէ ինք պիտի փրկուի։ Սիրելիներ, մահը բոլորիս ծանօթ իրականութիւն մըն է, բայց դժբախտաբար այն անձը, որ ծակաչքութեամբ դրամ ու կալուած ձեռք բերել կ՚ուզէ, մահուան իրականութիւնը կ՚աներեւութանայ իր մտքին մէջ։ Ուստի Քրիստոսի ուսուցումին հետեւելով թէ՛ աշխատինք մեր արդար վարձքը ձեռք բերելու համար, թէ՛ Աստուծոյ ապաւինինք իր օրհնութիւնը աղերսելով, եւ եթէ օրհնութիւնը զգալի ըլլայ, մեր մէջ երբեք չմոռնանք բաժին յատկացնել Աստուծոյ ծրագրերուն։

«Փառք պէտք է յայտնենք Աստուծոյ, որ մեր ժողովուրդին մէջէն ելած են անձեր, որոնք իրենց կեանքով ցոյց կու տան, թէ Ս. Գիրքի ուսուցումը ժամանակվրէպ չէ եւ կարելի է կեանքի կոչել զայն։ Այս ազնիւ անձերէն եղան Ունճեան հարազատները, որոնք թէ՛ նիւթապէս անսահման օրհնութիւնը վայելեցին Աստուծոյ եւ թէ համահայկական ներդրում ունեցան մեր համայնքին»։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանստեան պաշտօն Ունճեան հարազատներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան ի յիշատակ հանգուցեալ ազգայիններ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատներու։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2017