ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՊՏՈՅՏ

Երէկ, Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը կազմակերպեց մեր կրթական մշակներու համար նախատեսուած տարեկան աւանդական պտոյտը։ Ուսուցչաց օրուան շրջանին զուգադիպած այս պտոյտին մասնակցեցաւ շուրջ հարիւր կրթական մշակ։ Շիշլիի քաղաքապետարանին կողմէ տրամադրուած փոխադրամիջոցներով կրթական մշակները առաջնորդուեցան Նաքքաշթեփէի «Տը Պրիչ» ճաշարանը։ Պտոյտին ներկայ էր նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան, որ օրհնեց սեղանը։ Վոսփորի գեղատեսիլ համայնապատկերին վրայ կրթական մշակները ողջունեց Ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետ Կարապետ Մխալեան։ Պտոյտի մասնակից կրթական մշակները զիրար վայելեցին, ունեցան հաճելի ժամանց եւ անմիջական զրոյցի վառ տպաւորութիւններով օր-ւայ աւարտին վերադարձան իրենց բնակարանները։

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան մաս կը կազմեն. Կարապետ Մխալեան, Եւգինէ Ինճիտիւզէն, Վանես Ճանօղլու, Սաթենիկ Չուլճու, Իւղաբեր Պոյաճեան, Գարեգին Պարսամեան եւ Թայիս Հալաճեան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2018