ԴԵՐԱՍԱՆ ՖԵՀՄԻ ՔԱՐԱԱՐՍԼԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ «Եոլճու» թատերախումբի դերասան Ֆեհմի Քարաարսլան, որ «Կոմիտաս» ներկայացումներու շարքին հանդէս կու գայ մեծանուն վարդապետի դերով։ Այս ներկայացումներու շարքը այնքան մեծ յաջողութիւն մը արձանագրած է, որ Ֆեհմի Քարաարսլանի մարմնաւորած մեծն Կոմիտաս Վարդապետի կերպարն ալ յաչս շատերուն իւրացուած է։ Արամեան-Ունճեան վարժարանի սաներուն տեսակէտէ ալ հետաքրքրական էր արուեստագէտին հետ ուղղակի շփման հնարաւորութիւնը։ Մինչ Ֆեհմի Քարաարսլան տղոց համար ներկայացուց կարգ մը երգեր, իրենց հերթին աշակերտներն ալ հանդէս եկան մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւններէն նմոյշներով։ Ֆեհմի Քարաարսլանի տեսակէտէ շատ յատկանշանակ էր դպրոցին մէջ ստացած յուշանուէրը։ Արդարեւ, աշակերտուհիներէն Ազրա Տինտար դերասանին նուիրեց Կոմիտաս Վարդապետի նկարը, որ իր գործն էր։
Հանդիպման վառ պահերը անմահացուեցան նկարահանումներով։