ՇԻՇԼԻ ԱԿՈՒՄԲԸ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ԻՐ ՊԱՏԱՆԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ խրախ­ճանք մը կազ­մա­կեր­պեց իր դա­սը­նթաց­քնե­րուն մաս­նա­կից պա­տա­նի մար­զիկ­նե­րուն եւ ա­նոնց ծնող­նե­րուն հա­մար։ Շուրջ 250 մար­զիկ­նե­րու հա­մախմ­բու­մով իս­կա­պէս անն­կա­րագ­րե­լի մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուե­ցաւ այս խրախ­ճան­քին տե­ւո­ղու­թեան։ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զա­դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցած հա­ւա­քոյ­թին ժա­մա­նակ ա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թեք­պը­չաք եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը, ո­րոնք ո­գե­ւոր պա­հեր ապ­րե­ցան նաեւ Կա­ղանդ պա­պու­կի ժա­մա­նու­մով։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015