ՆՈՐԱՕԾ Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲԵՂԱՅ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՅՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Այս առաւօտ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Ս. Որդւոց Որոտման տաճարէն ներս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց անուան տօնախմբութեան։ Հոգեւոր հանդիսութիւնները բնորոշուեցան նաեւ այլ հանգամանքով մը։ Այսպէս, նորաօծ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան այս առաւօտ մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Թէեւ ամէն ինչ համաճարակի սահմանափակումներով պայմանաւորուած կարգապահութեամբ ընթացաւ, հոծ բազմութիւն մը չէր կուտակուած Գումգաբուի մէջ, սակայն, այս բոլորը արգելք չեղան, որ հաւատացեալներու շրջանակներէն ներս ստեղծուի հոգեւոր ուրախութիւն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020