ԱՄԱՆՈՐԻ ԸՆԴԱՌԱՋ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Շիշլիի «Մարիոթ» պանդոկի համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Պատրիարքարանի «Մենթի-մենթէօր» խումբի հանդիսաւոր հաւաքը, որ զուգադիպեցաւ Ամանորի շրջանին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հանդիսապետութեամբ կազմակեպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ ու բարձր տրամադրութիւն՝ մանաւանդ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ։ Լիսէներու վերջին երկու դասարաններու տարիքային դասաւորման երիտասարդները թիրախաւորելով կազմակեպուած այս ձեռնարկը իրականացաւ՝ մեր բարերարներէն, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հովանաւորութեամբ։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ Նորա Քումրալի հանդիսավարութեամբ։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկաւ Երազ Չաղլաեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ներկայ տօնական շրջանին իր պատգամը փոխանցեց երիտասարդներուն՝ գնահատելով նաեւ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, որ առիթ ընձեռած էր մեր նոր սերունդի համախմբման։

Պատրիարքարանի «Մենթի-մենթէօր» շարժման ղեկավարներէն տքթ. Մերի Թաքսի Տեւէճեան, Ժպիտ Էօղէր, Ժպիտ Լոյս Կեզէր եւ Գարոլին Իւչէր Իչլիեիւրէք ելոյթներով հանդէս եկան ծրագրի ընթացքին եւ ծաւալուած գործունէութեամբ արձանագրուած արդիւնքներուն շուրջ։

Ընդհանուր առմամբ աւելի քան 80 երիտասարդներ համախմբած է Պատրիարքարանի այս շարժումը, որ առաւել չափով կը գլխաւորուի բժիշկներու, իրաւաբաններու եւ ճարտարագէտներու կողմէ։ Վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնած են՝ Մերի Թաքսի Տեւէճեան, Ժպիտ Էօղէր, Ժպիտ Լոյս Կեզէր, Գարոլին Իւչէր Իչլիեիւրէք եւ Մերվէ Թաշքէօփրիւ։

Ձեռնարկի աւարտին բոլորը իրարու հրաժեշտ տուին՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ փոխանակելով բարեմաղթութիւններ եւ ստանալով Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնները։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021