ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ, երէկ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեմուտի աւանդական մանկանց խրախճանքը։ Համայնքային վարժարաններու աշակերտներուն համար նախատեսուած այս խրախճանքին ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ տղաքը հանդէս եկան ելոյթներով, ունեցան հաճելի ժամանց ու մանաւանդ նուէրներ ստացան Կաղանդ պապուկին ձեռամբ։
Համայնքային նախակրթարաններէն խումբ առ խումբ աշակերտներ զանազան ելոյթներով մասնակցութիւն բերին խրախճանքի ծրագրին։ Հանդիսավարն էր Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, ինչպէս նաեւ մեր վարժարաններու տնօրէններ, կրթական մշակներ, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։ Տղաքը ուսուցիչներուն վերահսկողութեան ներքեւ յաջող ձեւով պատրաստուած էին այս եզակի հանդէսին։ Անոնք ծափահարութիւններու արժանացան իրենց արտասանութիւններով, պարերով, նուագներով, երգերով եւ թատերակներով։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ հայրական ջերմութեամբ ողջունեց անոնց Նոր տարին եւ բարձր գնահատեց հանդէսի ընթացքին աշակերտներուն կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը մեր նախակրթարաններու աշակերտութեան յորդորեց լաւ ուսանիլ, ըլլալ աշխատասէր եւ հետեւիլ ուսուցիչներու եւ ծնողներու խրատներուն։ Ան յորդորեց նաեւ խօսիլ հայերէն եւ անպայման յաճախել եկեղեցի։ Մեր վարժարաններու աշակերտներն ալ տարեմուտի առթիւ խորհրդա-նըշական նուէրներ յանձնեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին եւ այդ ոգեւոր մթնոլորտին մէջ Ընդհանուր Փոխանորդը անոնց տուաւ իր օրհնութիւնը, բարեմաղթանքը եւ աղօթեց բոլորին համար։
Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սրահ ժամանեց Կաղանդ պապուկը, որ մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցաւ տղոց կողմէ։ Փոքրիկները Կաղանդ պապուկին ձեռամբ ստացան նուէրներ ու նկարահանուեցան անոր հետ։ Այսպէսով աւանդական խրախճանքը հասաւ իր աւարտին եւ բոլորը իրարմէ հրաժեշտ առին՝ Նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան առթիւ փոխանակելով բարեմաղթութիւններ։