ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԸ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ Ա­մա­նո­րի առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­ւոր հան­դէս մը։ Տղա­քը՝ ու­սուց­չու­հի­նե­րուն վե­րահս­կո­ղու­թեամբ պատ­րաս­տուած էին ի­րենց տե­սա­կէ­տէ իս­կա­պէս շատ զուար­ճա­լի այս ձեռ­նար­կին։ Ա­նոնք ի­րենց զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով ար­ժա­նա­ցան ծա­փող­ջոյն­նե­րու։ Դպրո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ու­սուց­չա­կան կազ­մը եւ ի­րենց ծնող­նե­րը փու­թա­ցած էին ու­րա­խա­կից ըլ­լա­լու ա­շա­կերտ­նե­րուն։

Ա­մա­նո­րի հան­դէ­սի ա­ւար­տին շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Շա­հին Չը­նար, որ տօ­նա­կան շրջա­նին առ­թիւ ազ­նիւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ յղեց ա­շա­կերտ­նե­րուն, ու­սուց­չա­կան կազ­մին, ծնողներուն եւ բո­լոր ներ­կա­նե­րուն։

Նոր տարուան հանդէին յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ալ տղաքն ու բո­լոր ներ­կա­նե­րը սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բուե­ցան՝ ա­մա­նո­րեան եր­գե­րով ու նուագ­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2017