ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԴԷՍ

Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, երէկ երեկոյեան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի աւանդական հոգեւոր համերգը։ Բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ լեցուցած էին տաճարը՝ տարեմուտի այս աւանդական երաժշտահանդէսին առթիւ։ Այս տարի փայլուն համերգով մը հանդէս եկաւ Լուսաւորիչ երգչախումբը, որ ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեայ յոբելեանը։ Երեկոյթը պատուեց Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որու կողքին էին մեր հոգեւորականաց դասէն շարք մը ներկայացուցիչներ։

Յայտագրի գործադրութիւնը սկսաւ Լուսին Պաղճըի ողջոյնի խօսքով։ Լուսաւորիչ երգչախումբի երգացանկը կը բաղկանար հայկական հոգեւոր եւ դասական երաժշտութենէն գործերով։ Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ եւ Ռոպէր Տողանայի նուագակցութեամբ՝ երգչախումբը խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ։ Մենակատարներն էին՝ Մարիա Հազարեան-Էրշէն, Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու, Շանթ Չաքմաքճեան եւ Սէրճան Կազէրօղլու։ Դաշնակահարուհի Մելինէ Թեմէլճին ալ հանդէս եկաւ առանձին կատարումներով։

Նորին Ամենապատուութեան հուսկ բանքով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին։ Ան այս առթիւ բարձր գնահատեց Լուսաւորիչ երգչախումբը։

Միւս կողմէ, նոյնպէս երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ, «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Պատրիարքարանի հովանաւորութեամբ ամէն տարի կազմակերպուած մանկանց աւանդական խրախճանքը, բարձր ներկայութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։ Յայտագրի գործադրութենէն վերջ Կաղանդ պապուկը սրահ ժամանելով նուէրներ բաժնեց բոլորին։

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020