ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը Ամանորի շրջանին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդէսներով եւ այլ զանազան ձեռնարկներով։ Դպրոցէն ներս ստեղծուեցաւ փառատօնի մը մթնոլորտը։ Այս ամբողջին մէջ, հասկնալիօրէն, առանձնացաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն հանդէսը։ Անոնք իրենց ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըն ալ Նոր տարուոյ առթիւ ջերմօրէն շնորհաւորեց փոքրիկները։ Անշուշտ, Կաղանդ պապուկն ալ չմոռցաւ տատեանցի փոքրիկ սաները, որոնց համար վերապահած էր նուէրներ։

Մինչ այդ, տօնական օրերուն անուշադրութեան չմատնուեցաւ նաեւ միջնակարգի աշակերտներուն երաժշտական տաղանդը։ Անոնք դաշնակի նուագներ եւ խմբերգներ հրամցուցին տարեմուտի առթիւ, պարերով հանդերձ։  

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2023