ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԹՈՒՐՔՈՒԱԶ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ այցելեցին Պէյօղլուի «Թուրքուազ» գրատունը։ Ծանօթ է, որ Բիւզանդ Աքպաշի մականին ներքեւ կը գործէ «Թուրքուազ»ը, որ միեւնոյն ժամանակ հրատարակչութեան մարզէն ներս գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Աշակերտական խումբը գլխաւորեցին կրթական մշակներ՝ Հերա Իսքէնտէրօղլու եւ Մատլէն Արզուման։
Բիւզանդ Աքպաշ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց տղաքը եւ յայտնեց, որ անոնք «Թուրքուազ»ի այցելութեան փութացած առաջին աշակերտական խումբը կը հանդիսանան։ Ան մանրամասն տեղեկութիւններ յանձնեց աշակերտներու նկատառման, ինչ որ զգալի հետաքրքրութիւն յառաջացուց անոնց մօտ գիրքերու նկատմամբ։ Տղաքը առիթն ունեցան Բիւզանդ Աքպաշին հարցումներ ալ ուղղելու՝ ստանալով սպառիչ պատասխաններ։