ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ

Էսաեան վարժարանի ճատրակի խումբը վերջին օրերուն շատ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց՝ Պէյօղլուի գաւառակէն ներս կազմակերպուած միջվարժարանային մրցաշարքի արդիւնքով։ Պէյօղլուի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային այս ճատրակի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի մարզական համալիրէն ներս։ Փոքրերու, աստղերու եւ երիտասարդներու դասաւորումով կազմակերպուած էր այս մրցաշարքը։ Էսաեան վարժարանը բոլոր դասաւորումներուն մէջ մասնակցեցաւ իր խումբերով եւ տղաքը փայլուն յաջողութիւններ արձանագրեցին նոյնպէս այդ բոլոր դասաւորումներուն մէջ։ Փոքրերու մրցակցութեան պարագային Էսաեանը մրցաշարքին ուղարկած էր երկու խումբ։ Էսաեանի խումբերէն մին հանդիսացաւ մրցաշարքի ախոյեանը, իսկ միւսը՝ երկրորդը։ Ախոյեան խումբի կազմին մէջ էին Արէս Պոյաճեան, Լիա Եուրտկիւլիւ, Տիրան Քէօսէ եւ Նարեկ Տիքիճի։ Երկրորդ հանդիսացած խումբի կազմին մէջ էին՝ Շանթ Տիքիճի, Լինա Պոյաճեան, Լորին Իւկէ եւ Արտա Կիւլեայլա։

Այս մրցաշարքի պարագային դափնեկիրներու շարքին դասուեցան առաջին վեց կարգը նուաճածները։ Անհատական մրցակցութեան պարագային առաջին վեց հորիզոնականներու բոլորին վրայ տեղ գտան էսաեանցի աշակերտները։ Այսպէս, Արէս Պոյաճեան, Շանթ Տիքիճի, Լիա Եուրտկիւլիւ, Տիրան Քէօսէ, Լինա Պոյաճեան եւ Նարեկ Տիքիճի անհատական դասաւորման մէջ եղան յաջողագոյնները։

Աստղերու դասաւորման մէջ Էսաեանէն Ալէն Նշան անհատական հարթութեան վրայ հանդիսացաւ ախոյեան։

Երիտասարդներու դասաւորման մէջ էսաեանցիները բաժնեցին երկրորդ հորիզոնականը։ Երիտասարդական կազմին մէջ էին՝ Ալեքսան Զարուքի, Արիս Նշան, Դաւիթ Իւկէ եւ Քատիր Քարափընար։ Անհատական գետնի վրայ ալ Աքսել Զարուքի չորրորդ հորիզոնը բաժնեց ուրիշ մրցակցի մը հետ։

Այս յաջողութիւնները Էսաեան վարժարանէն ներս առիթ հանդիսացան մեծ խանդավառութեան։ Տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը ջերմօրէն գնահատեցին դափնեկիր ճատրակի կազմի աշակերտները, որոնց յղեցին անկեղծ շնորհաւորութիւններ։

Շաբաթ, Մարտ 3, 2018