ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԵԼԵՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրուած էր մասնակցելու Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը, որու ընթացքին հրապարակուեցաւ Մարդու իրաւանց գործողութիւններու ծրագիրը։ Այս փաստաթուղթը, որ վերջերս իւրացուած է պետութեան կողմէ, կ՚ենթադրէ շարք մը կարեւոր բարեփոխումներ։ Պեշթեփէի համալիրի մշակոյթի կեդրոնի յարկէն ներս կէսօրուան ժամերուն կազմակերպուած ձեռնարկին հրաւիրուած էր նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ որպէս գաւազանակիր ընկերացաւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Նորին Ամենապատուութեան առընթեր, այս հաւաքոյթին հրաւիրուած էին նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու հոգեւոր առաջնորդներն ու կարգ մը աշխարհական վարիչները։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հանդէս եկաւ լսարանի մը առջեւ, որ կը բաղկանար պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ, քաղաքական գործիչներէ, դիւանակալներէ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ, օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներէ, իրաւական կամ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ, ակադեմականներէ եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհէն դէմքերէ։ Ան բոլորին ներկայութեամբ բացատրեց, որ որդեգրուած ծրագիրը տասնմէկ առանցքներու շուրջ յառաջ պիտի տարուի՝ հետապնդելով ինն յըստակ նպատակ եւ շուրջ հինգ տասնեակ թիրախ։ Սոյն ծրագիրը կեանքի կոչելու համար կը նախատեսուի երկու տարուան ժամկէտ մը։ Նախագահ Էրտողան այս ամբողջին մէջ անդրադարձաւ նաեւ փոքրամասնական համայնքներու առկայ խնդիրներուն։ Ան տեղեկացուց, որ փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցի լուծման համար անհրաժեշտ կարգադրութիւնները պիտի կատարուին։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, այս հաւաքոյթին մասնակցելէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երեկոյեան վերադարձաւ քաղաքս։

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021