ՆՈՐ «ԿԱՄՈՒՐՋ»Ը

Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանի կողմէ հրատարակուած «Կամուրջ»ը դարձեալ ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ է։ Յստակ պարբերականութիւն մը չունի այս մէկը, որ կը պատրաստուի՝ որպէս Հայ կաթողիկէ հասարակութեան կողմէ պիւլթէն մը։ «Կամուրջ»ի ներկայ համարը կը կրէ դեկտեմբեր 2020 թուականը։

Կողքին վրայ կ՚երեւի՝ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի Վատիկանի մէջ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին հետ նկարահանուած դրուագը։  

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021