ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գարակէօզեան Տան առաջին դասարանի փոքրիկները։ Իրենց այցելութիւնով շատ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ մեր յարկէն ներս։ Տղաքը եկան ուղեկցութեամբ՝ Իզապէլ Կիւլթոփի, Էլիզապէթ Քապէի, Պերթա Հաֆիտուի, Ասլը Շեքէրճիի եւ Արի Թաշի։

Վարժարանէն ներս փոքր տարիքէ սկսեալ աշակերտներուն համար յատուկ ծրագիր կը գործադրուի, որպէսզի անոնք վաղ շրջանէ սկսեալ մշակոյթի հետ, արուեստի հետ սկսին շփուիլ եւ հասնին համապատասխան հորիզոններու։ Գարակէօզեանցի փոքրիկներուն համար անցեալ տարի շարժանկարի ոլորտին ծանօթանալու ուղղեալ աշխատանքներ տարուած են, իսկ այս տարի նոյն ամբողջին մէջ կը նախատեսուի ընթերցասիրութեան խրախուսումը։ Դպրոցի մասնագէտները այս նպատակով յարմար դատած են փոքրիկներուն առիթ ընձեռել՝ ծանօթանալու համար տպագիր մամուլի ընդհանուր աշխատանքին, արտադրութեան փուլերուն։ Ուստի, գարակէօզեանցիները խմբագրատանս մէջ այս գործին շուրջ կազմեցին տարրական պատկերացում մը։ Անոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան թերթիս հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի կողմէ, որ փոքրիկներուն ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին շուրջ եւ ներկայացուց անոր պատրաստութեան հիմնական փուլերը։ Տղաքը կարելիութիւն ունեցան իրենք իսկ որոշ փորձեր ընելու, ինչ որ բնորոշեց այցելութեան ամենավառ դրուագները։

Խմբագրատունէս հրաժեշտ առնելէ վերջ գարակէօզեանցիները այցելեցին նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տպարանը, ուր իրենց ունեցած վկայութիւնները կատարելագործեցին թերթի արտադրութեան փուլերու շուրջ անոնց պատկերացումները։ Փոքրիկները ուշադրութեամբ հետեւեցան տպագրական սարքին եւ մեքե-նայի միջոցաւ թերթերու ծալուելուն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019