Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Ցաւով մեր ընթերցողներուն կը տեղեկացնենք, թէ շաբաթավերջին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ գործողութեան մը ենթարկուած է թերթիս վեթերան սիւնակագիրներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Դժբախտաբար, բնակարանին մէջ վերջին օրերուն ան վատ զգացած է եւ իր մօտ ախտաճանաչուած է կոնքի ոսկորի բեկանում։ Նկատի ունենալով, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ վիրահատութիւնը անխուսափելի էր, տէր հայրը իսկոյն փոխադրուած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր կատարուած է անհրաժեշտ միջամտութիւնը։ Բարեբախտաբար, վիրահատութիւնը անցած է յաջող։ Այժմ սկսած է իր ապաքինման շրջանը, ինչ որ հասկնալիօրէն կ՚ենթադրէ որոշ դժուարութիւններ։

Մինչ այդ, երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան փութաց Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի այցելութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացան Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց տէր հօր առողջական վիճակին շուրջ, ջերմօրէն զրուցեց անոր հետ՝ մաղթելով արագ ապաքինում։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նաեւ տէր հօր ապաքինման համար աղօթեց անոր վրայ։

Հարկ է նշել, որ մեր հոգեւորականաց դասու անդամներն ալ այս շրջանին իրենց զօրակցութեան առարկայ կը դարձնեն երէց հոգեւոր եղբայրը։

Յետվիրահատութեան թէեւ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան քանի մը օրէն դուրս պիտի գայ հիւանդանոցէն, սակայն, ապաքինման շրջանը կ՚ենթադրէ որոշ ժամանակաշրջան մը։

Այս առթիւ կատարեալ առողջութիւն եւ արագ ապաքինում կը մաղթենք Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2023