ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ ա­ռա­ջին դա­սա­րան­նե­րու ըն­թերց­ման տօ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ շատ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Դպրո­ցէն ներս մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծուե­ցաւ, մինչ հան­դի­սաս­րա­հը ու բե­մը յար­դա­րուած էին գոյնզ­գոյն, նաեւ զա­նա­զան տե­սա­կէ շա­քար­նե­րով։ Ար­դա­րեւ, ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րը «Շա­քար­նե­րու դա­սա­րան» ա­նուա­նուած են ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ։ Սրա­հի մուտ­քին հիւ­րե­րուն հա­մար ներ­կա­յա­ցուե­ցան տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան փոք­րիկ­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։

Ներ­կայ էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սար­վէն Սերթ­շիմ­շէք, տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու, ու­սուց­չա­կան կազ­մէն դէմ­քեր, թա­ղի յա­րա­կից մար­մին­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Յայ­տա­գի­րը սկսաւ դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Ան­նա Սա­րը Սեչ­քի­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով։ Ա­ռա­ջին հեր­թին փոք­րիկ­նե­րը ներ­կա­յա­ցան գոյնզ­գոյն զգեստ­նե­րու մէջ։ Ա­նոնց կող­մէ ար­տա­սա­նուած քա­ռեակ­նե­րը ի­րենց ու­սուց­չու­հիին կող­մէ գրի առ­նուած էին՝ ըստ փոք­րիկ­նե­րու մաս­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն։ Օ­րուան ճոխ յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ, թա­տե­րակ­ներ, պա­րեր, եր­գեր ու պար­քո­վի­զիո­նի ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ։ Հա­յե­րէն, թրքե­րէն եւ անգ­լե­րէն ե­րե­սակ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ յայ­տա­գի­րը ու­նէր նաեւ եր­գի­ծա­կան բա­ժին­ներ, ո­րոնք բարձր տրա­մադ­րու­թիւն ստեղ­ծե­ցին սրա­հին մէջ։

Ծնող­նե­րուն ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Ժպիտ Փոր­թա­գա­լեան, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց կրթա­կան մշակ­նե­րուն, Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին։ Փոք­րիկ­նե­րուն ուղ­ղեալ ան­մի­ջա­կան խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին նաեւ տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու եւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։

Այս հան­դէ­սի պատ­րաս­տու­թեան հա­մար ու­սուց­չու­հի Ան­նա Սա­րը Սեչ­քի­նին օ­ժան­դա­կած էին Սի­րեն Ճան­թիւրք, Գա­րին Կիւր, Գա­րին Քիւ­չիւ­քօղ­լու, Թա­յիս Պու­տաք, Սում­րու Էք­շիօղ­լու, Եւ­գի­նէ Ին­ճի­տիւ­զէն եւ Քրիս­տին Տել­լա­լօղ­լու։

Ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րը վար­ձատ­րուե­ցան Ան­նա Սա­րը Սեչ­քի­նի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած սի­րուն գրքոյ­կով մը, որ կը բո­վան­դա­կէր ի­րենց իսկ պատ­մու­թիւ­նը։ Տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լուն ալ փոք­րիկ­նե­րուն յանձ­նեց նուէր­ներ։ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեա­նի ձե­ռամբ տղա­քը ստա­ցան Աս­տուա­ծա­շունչ մա­տեան­ներ, մինչ Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ տիկ­նանց կազմն ալ ա­նոնց հա­մար պատ­րաս­տած էր զա­նա­զան գիր­քեր։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին յա­րա­կից Ա­րա­մեան սա­նուց միու­թեան սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն։ Ծնո­ղաց միու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ ստեղ­ծուե­ցաւ ջերմ ու ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի մթնո­լորտ։ Բո­լո­րը փոք­րիկ­նե­րը խրա­խու­սե­ցին՝ ա­պա­գայ ու­սում­նա­կան տա­րի­նե­րու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թան­քով։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 3, 2016