ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽԱՒԻԾԻ ՕՐՈՒԱՆ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Մխի­թա­րեան լի­սէի տնօ­րէ­նու­հի Ե­ւա Օ­րա­գեա­նը, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար Սե­լին Գո­վան։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ե­ւա Օ­րա­գեան մե­զի յայտ­նեց, թէ Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քը խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը պատ­րաս­տուի այս տա­րուան ա­ւան­դա­կան խա­ւի­ծի օ­րուան։ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ ա­մէն տա­րի մեծ հա­ճոյք մըն է դպրո­ցի եր­դի­քին տակ հա­մախմ­բուած տես­նել զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­ներ։ Սե­րունդ­նե­րու այս ժա­մադ­րու­թիւ­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը կամր­ջէ այդ նոյն սե­րունդ­նե­րու ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք Մխի­թա­րեա­նի մեծ ըն­տա­նի­քին պատ­կա­նե­լու գի­տակ­ցու­թեամբ զի­րար կը վե­րագտ­նեն դպրո­ցի հա­րա­զատ ու նուի­րա­կան եր­դի­քին տակ։

Մխի­թա­րեա­նի խա­ւի­ծի օ­րուան ծրագ­րէն ա­ռաջ, վա­նա­տան հա­մա­լի­րի Ա­նա­րատ Յղու­թիւն մատ­րան մէջ պի­տի մա­տու­ցուի նաեւ Ս. Պա­տա­րագ։ 

 

Երեքշաբթի, Մայիս 3, 2016