ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ ընդունեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Վահրամ Վարդանեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը Գումգաբու փութացած էր՝ Հոգեգալստեան տօնին ընդառաջ։
Ինչպէս ծանօթ է, Հոգեգալուստի օրը կը կատարուի Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։ Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններուն համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռին հովանաւորութիւնը։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ տեղեկութիւններ փոխանցեցին թաղային խորհուրդի ընթացիկ գործունէութեան շուրջ։
Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան գնահատեց կատար-ւած աշխատանքը եւ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները։