ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԸ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաները վերջերս շրջապտոյտ մը իրականացուցին դէպի Սեւ ծովու արեւմտեան հատուածի բնակավայրեր։ Արհեստավարժ յատուկ ուղեցոյցի մը ներկայութեամբ կազմակերպուած այս շրջագայութեան ծրագիրը ընդգրկեց՝ Սաֆրանպոլուն, Ամասրան, Զոնկուլտաքը եւ մերձակայ տարածքները։ Տղաքը ծանօթացան պատմամշակութային տեսարժան վայրերուն եւ հաղորդ դարձան բնական գեղեցկութիւններուն։ Հարկ է նշել, որ այս ուղեւորութեան ծրագրին մէջ ընդգրկուած բազում վայրեր մաս կը կազմեն ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին։
Տատեանցիները եռօրեայ այս շրջագայութեան ընթացքին խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ծանօթացան Սեւ ծովու արեւմտեան հատուածի բնակավայրերուն։ Տնօրէնուհի Ալիս Պայրամի կողմէ գլխաւորուած էր խումբը։ Ուղեւորութիւնը միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի տղաքը լիցքաթափուած մթնոլորտի մը մէջ զիրար վայելեն եւ ունեցան հաճելի ժամանց։