ՄԱՀ՝ ՎԱՀԱՆ ԱՃԷՄԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ յառաջացեալ տարիքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր կրթական կեանքի նուիրեալ մշակներէն Վահան Աճէմեան։ Այս կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է իր կողմէ դաստիարակուած սերունդներուն՝ մանաւանդ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին մօտ։ Վահան Աճէմեան երկար տարիներ ուսուցչագործած էր Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ՝ դասաւանդելով ֆիզիք։ Ան սերունդներու վրայ թողած էր հետք մը, որովհետեւ անոնց հայեցի դաստիարակութեան մէջ ուրոյն տեղ մը ունէր Վահան Աճէմեանի դրոշմը։ Ան միայն դասաւանդող մը չէր եղած, այլ նաեւ իր աշակերտներու նկարագրի կերտումի, ինքնութեան ձեւաւորումի գործին մէջ ունեցած էր եզակի դերակատարութիւն։

Յարգանք իր վաստակին եւ յիշատակին։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2019