ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐԱ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Տիար Արա Միսաքեան, որ երէց եղբայրն է համայնքային երախտաշատ բարերարուհի Մոնիք Երկանեանի։ Սա ցաւալի իրադարձութիւն մըն է եւ բօթը արձագանգ գտած է ամէնուր։ Համայնքային շրջանակները անկեղծօրէն կը վշտակցին Մոնիք Երկանեանին, որ տակաւին մօտաւոր անցեալին կորսնցուցած էր իր երկուորեակ եղբայրը։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Արա Միսաքեանի հոգւոյն, կը ցաւակցինք իր հարազատներուն, ի մասնաւորի մեր վաղեմի բարեկամ Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլին։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2019