ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային վարժարաններու տնօրէններուն կամ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ։ Խորհրդակցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Նորա Շէնեան, որոնք կը համակարգեն Պատրիարքարանի կողմէ կազմակերպուած կրօնի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներու աշխատանքները։
Գումգաբուէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին օրակարգի նիւթ դարձած են՝ յատկապէս պոլսահայ վարժարաններէ ներս աւանդուած կրօնագիտութեան առարկային վերաբերեալ մանրամասնութիւններ եւ Պատրիարքարանի կողմէ կազմակերպուած դասընթացքներու ընդհանուր արժեւորումը կատարուած է։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդիպման ընթացքին ուրախութիւն յայտնած է կրթական մշակներու հետ մէկտեղուելու հերթական առիթին կապակցութեամբ։ Ան յատկապէս շեշտած է, որ նոր սերունդին մեր հաւատն ու մեր մայրենին աւանդելը չափազանց կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Ուստի, այս ուղղութեամբ բոլոր կարելիութիւնները պէտք է ի գործ դրուին։ Նորին Ամենապատուութիւնը մարդակերտումի տեսակէտէ առաքելութիւն ստանձնած կրթական մշակներուն մաղթեց կարողութիւն եւ օրհնեց մեր վարժարաններու տնօրէններն ու կրթական մշակները։