Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏՈՒՆ

Երէկ, Գալֆաեան տան մէջ ուրախ մթնոլորտով հիւրընկալւեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ տեսակցեցաւ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի եւ վաստակաւոր կրթական մշակ Արուսեակ Մկրտիչեանի հետ։ Այցելութեան ընթացքին հայր սուրբը դպրոցի գրադարանին համար նուիրեց՝ իր վարդապետական թեզին հիման վրայ հրատարակուած գիրքէն մակագրուած օրինակ մը։ «Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան վանական-դպրեվանական կեանքը» խորագրեալ գիրքը լոյս տեսած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութենէն։ Նկատի ունենալով, որ գիրքի բովանդակութեան մէջ Գալֆաեան տան վերաբերեալ բաժին մը կար՝ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան փափաքած էր, որ այդ գործէն օրինակ մը գտնուի դպրոցի գրադարանին մէջ։

Այցելութեան առթիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան աշակերտներուն կողմէ ալ շրջապատուեցաւ ջերմօրէն եւ անոնց տուաւ իր օրհնութիւնը։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024