«ԿԵԱՆՔ»Ը՝ ՊԷԶՃԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԸՆԿԱԼՄԱՄԲ
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Կեանք» խորագրեալ ներկայացում մը, որ արժանացաւ աշակերտութեան եւ հանդիսատեսներու հետաքրքրութեան։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Եղիսաբէթ Չաթանասլան։ Աւելի վերջ տղաքը գործադրեցին յայտագիրը, որ պատրաստուած էր ուսուցչուհիներ՝ Լուսիա Սուճուեանի, Գարին Աքթարօղլուի եւ Գարօլին Էզիքօղլուի հսկողութեան ներքեւ։
Հանդիսութեան տեւողութեան տղաքը հանդէս եկան զանազան արտասանութիւններով, թատերակներով՝ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։ Այդ բոլորին ամբողջը բեմին վրայ ցոլացուց պէզճեանցի սաներուն կեանքի վերաբերեալ ընկալումները։ Անոնք թէեւ իրենց երիտասարդական եռանդով կեանք մը կը ցոլացնէին բեմին վրայ, սակայն մեր գրականութեան հսկաներէն՝ Վահան Թէքէեանի, Պետրոս Դուրեանի, Սիամանթոյի, Սիպիլի նման անուններէն կատարուած մէջբերումները նաեւ խորք մը կը վերագրէին անոնց փոխանցած պատգամին։
Հանդիսութեան աւարտին ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին պէզճեանցի սաներուն արձանագրած յաջողութիւնը։