ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի ա­ռա­ջին շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­տու­նը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած էր այս դպրո­ցի անդ­րա­նիկ հունձ­քին շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դի­սու­թիւ­նը, որ­մէ ան­մի­ջա­պէս վերջ տնօ­րէ­նու­հի Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեա­նի կար­գադ­րու­թեամբ շրջա­նա­ւարտ տա­սը սա­նե­րը այ­ցե­լե­ցին խմբագ­րա­տունս, ու­ղեկ­ցու­թեամբ՝ փոխ-տնօ­րէն Դա­ւիթ Խա­չատ­րեա­նի եւ հա­յոց լե­զուի ու գրա­կա­նու­թեան ու­սուց­չու­հի Լի­լիթ Պօ­ղո­սեա­նի։

Շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն այ­ցե­լու­թիւ­նը տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւն ստեղ­ծեց խմբագ­րա­տանս եր­դի­քին տակ։ Թեր­թիս գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեան ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցեց շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հետ՝ փո­խան­ցե­լով շատ դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ ա­նոնց շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Վար­ժա­րա­նի սա­նե­րուն հա­մար ե­զա­կի ա­ռիթ մըն էր հա­յաշ­խար­հի ե­րի­ցա­գոյն օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տան մթնո­լոր­տին ծա­նօ­թա­նա­լը։ Շու­տով զրոյ­ցին ներգրաւուե­ցան Դա­ւիթ Խա­չատ­րեան եւ Լի­լիթ Պօ­ղո­սեան։ Հիւ­րի կամ հիւ­րըն­կա­լի, ու­սու­ցի­չի կամ ա­շա­կեր­տի, տա­րի­քա­յին սահ­մա­նում­նե­րու յաղ­թա­հա­րու­մով՝ շատ հա­ճե­լի զրոյց մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­տան մէջ, մինչ «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը թէ՛ ու­շադ­րու­թեամբ կ՚ունկնդ­րէին ի­րենց տրուած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն եւ թէ ի­րենց հեր­թին հան­դէս կու գա­յին դի­պուկ հար­ցադ­րում­նե­րով եւ խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով։

Զրոյ­ցի ա­ւար­տին՝ որ­պէս յի­շա­տակ թեր­թիս խմբա­գի­րը ա­նոնց նուի­րեց «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ժա­մա­նա­կը» փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը եւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հիմ­նա­դիր Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի գիր­քը։

Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­ներն են՝ Կառ­լեն Պետ­րո­սեան, Է­րիկ Գէոր­գեան, Ան­նա Գրի­գո­րեան, Ա­նի Ի­սունց, Ա­րամ Ա­ճէ­մեան, Լի­լիթ Չի­լին­կեա­րեան, Սե­դա Մով­սի­սեան, Էմ­մա Մի­նա­սեան, Մա­րի­նա Ար­զու­մա­նո­վա եւ Վա­նու­հի Տա­տու­րեան։

Այս շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ար­դէն վար­ժա­րա­նէն հրա­ժեշտ կ՚առ­նեն՝ որ­պէս ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք կը խոս­տա­նան փայ­լուն ա­պա­գայ։ Ա­նոնք բո­լորն ալ Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով քա­ղաքս հաստա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­ներն են եւ ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ հա­րա­զատ, սի­րե­ցեալ։ Թէ՛ ի­րենց ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թեամբ եւ թէ դպրո­ցի յար­կէն ներս կրթա­կան մշակ­նե­րու եւ սա­նե­րու մի­ջեւ ստեղ­ծուած ան­նա­խըն­թաց զօ­րակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տով հեր­թա­կան ան­գամ կ՚ա­պա­ցու­ցուի, թէ այս վար­ժա­րա­նին հա­մար ի գործ դրուած բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կ՚ար­դա­րա­նան լիար­ժէք։

Ե­րէ­կուան զրոյ­ցին ըն­թաց­քին կրթա­կան մշակ­նե­րուն կող­մէ մե­զի փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ ան­գամ մը եւս բիւ­րե­ղա­ցաւ այն ճշմար­տու­թիւ­նը, թէ Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով քա­ղաքս հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն կրթու­թեան հա­մար միան­շա­նակ հաս­ցէն պէտք է ըլ­լայ «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նը։ Ար­դա­րեւ, այս դպրո­ցին մէջ ջամ­բուած դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը ա­շա­կերտ­նե­րուն առ­ջեւ կ՚ու­րուագ­ծէ ի­րենց ու­սու­մը կա­տա­րեալ ու կա­յուն ձե­ւով շա­րու­նա­կե­լու հե­ռան­կա­րը։ Այս վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նին Հա­յաս­տան վե­րա­դառ­նա­լով, ա­ռանց տա­րի­նե­րու ո­րե­ւէ կո­րուս­տի, շա­րու­նա­կե­լու ի­րենց ու­սու­մը եւ ու­նե­նա­լու մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ի զօ­րու վկա­յա­կան մը։ Այն տղա­քը, ո­րոնք հիւր ա­շա­կեր­տի կար­գա­վի­ճա­կով կը յա­ճա­խեն քա­ղա­քիս հայ­կա­կան հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րը, դժբախ­տա­բար այս պա­հու դրու­թեամբ զուրկ են նման հե­ռան­կա­րէն։ Տե­սա­նե­լի ա­պա­գա­յին ա­նոնց ուս­ման ան­խա­թար շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կը հա­մա­րուի ան­կա­րե­լի, ուս­տի, ծնող­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած դպրո­ցի նա­խընտ­րու­թիւ­նը կրնայ վե­րա­ծուիլ ար­կա­ծախնդ­րու­թեան մը։ Հե­տե­ւա­բար, այս բո­լոր հան­գա­մանք­նե­րուն պէտք է վե­րա­հա­սու դառ­նան ծնող­նե­րը, իսկ պոլ­սա­հայ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­ներն ալ գի­տակ­ցե­լով սոյն հան­գա­մանք­նե­րուն՝ պէտք է ան­վե­րա­պա­հօ­րէն զօ­րակ­ցին այս վար­ժա­րա­նի կա­տա­րե­լա­գործ­ման։

Մինչ վար­ժա­րա­նը հրա­ժեշտ կու տայ իր անդ­րա­նիկ հունձ­քին, բնա­կա­նա­բար բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը սա­նե­րուն վրայ է։ Բայց եւ այն­պէս այս փու­լին կ՚ապ­րուի նաեւ ան­կիւ­նա­դարձ մը՝ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մի զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու ար­դա­րաց­ման, ջան­քե­րու ար­ժե­ւոր­ման ճա­նա­պար­հին։ Վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ հա­մախմ­բուած կրթա­կան մշակ­նե­րը բա­ռին բուն ի­մաս­տով «ի­տէա­լիստ»ներ են։ Ա­նոնք կ՚աշ­խա­տին ի­րենց կոչ­ման խոր գի­տակ­ցու­թեամբ։ Ե­րէ­կուան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Դա­ւիթ Խա­չատ­րեա­նի եւ Լի­լիթ Պօ­ղո­սեա­նի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ա­ռիթ ըն­ձե­ռե­ցին ա­ւե­լի ամ­բող­ջա­կան ձե­ւով պատ­կե­րաց­նե­լու հա­մար վար­ժա­րա­նի կրթա­կան մշակ­նե­րուն տրա­մադ­րու­թիւ­նը, գի­տակ­ցու­թեան մա­կար­դա­կը։ Ա­նոնք մեծ ե­ռանդ ի գործ կը դնեն, որ­պէս­զի դպրո­ցի սա­նե­րը լա­ւա­գոյնս պատ­րաս­տուին ա­պա­գա­յի հա­մար։ Մնաց որ ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը կրկնա­պատ­կուի նաեւ այս վար­ժա­րա­նի ե­զա­կի ա­ռա­քե­լու­թեան բե­րու­մով։ Ար­դա­րեւ, սա աշ­խար­հի վրայ միակ դպրոցն է, որ կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն դուրս, սա­կայն ա­նոր եր­դի­քին տակ ու­սում կը ջամ­բուի Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան կող­մէ նա­խա­տե­սուած դրու­թեամբ, Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան պաշ­տօ­նա­կան ծրագ­րին հա­մա­պա­տաս­խան՝ թէ­կուզ ան­պաշ­տօն։

Յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի անդ­րա­նիկ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն, նաեւ կրթօ­ճա­խի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին։

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015