ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարաններու տարեվերջի հանդէսը։ Տարրական կրթութեան առաջին փուլը աւարտած աշակերտները այս առթիւ ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն։ Օրուան յայտագիրը պատրաստուած էր դասարանի ուսուցչուհիներուն՝ Մարալ Չաքըրի եւ Շիլա Սիլէլեանի հսկողութեան ներքեւ։ Հանդիսավարներն էին Գարուն Քիւլէկէչ եւ Ժիլտա Սիլիֆքէլի։ Ուսուցչուհի Մարալ Չաքըր ելոյթ մը ունենալով խրախուսեց իր սաները՝ ապագայ կրթական տարիներուն համար։ Ձեռնարկի տեւողութեան տղաքը զանազան ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Ծնողներուն անունով Պեթիւլ Գույումճու հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը՝ ուղղուած տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։ Ծրագիրը աւարտին հասաւ տնօրէուհի Թալին Պէրպէրօղլուի գնահատանքի խօսքով։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ յարակից սանուց միութեան սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Տղաքը հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։ Բոլոր ներկաները աշակերտները քաջալերեցին՝ յառաջիկայ աւելի մեծ յաջողութիւններու համար։

Հանդէսին ներկայ էր նաեւ Արամեան-Ունճան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017