ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՄԱՆԿԱՐԱՆԻՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մանկարանի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։ Օրուան սկիզբին մանկարանի առաջին երկու դասարաններու տղոց հանդէսը տեղի ունեցաւ, իսկ երեկոյեան՝ մանկապարտէզի վերջին դասարանի սաները ստացան իրենց վկայականները։ Մանկապարտիզպանուհի Նաթալի Եկէնեան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը, որմէ վերջ փոքրիկները գործադրեցին իրենց յայտագիրը։ Անոնք ծափահարութիւններու արժանացան թատերակներով, պարերով, խմբերգներով եւ այլ ելոյթներով։ Պաստառի վրայ ալ բացատրութիւններ տրուեցան իրենց անցեալ կրթական շրջանակի ստեղծագործական աշխատանքներուն շուրջ։ Հավվա Քանկալ Էրտողանի գլխաւորութեամբ ներկայացուեցաւ փոքրիկներու գծանկարներով պատրաստուած գծաժապաւէն մը։ Վիճակացոյցներու բաժնուելէն վերջ տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին աշակերտներուն յաջողութիւն մաղթեց իրենց յառաջիկայ ուսումնական տարիներուն համար։ Իր կարգին, Սելին Սիմոնեանն ալ յանուն ծնողներուն շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի ղեկավարութեան եւ յուշանուէրներ բաժնեց կրթական մշակներուն։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին փոքրիկները արձակեցին փուչիկներ, հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը եւ յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ալ շարունակուեցաւ հանդէսի տեւողութեան ստեղծուած եռուզեռը։