Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԸՆԹՐԻՔԻ ՍԵՂԱՆՈՎ ՄԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԸ
Եշիլգիւղի ընտանիքը նախընթաց օր ընթրիքով մը մեծարեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Ներկայ էր նաեւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ ընկերները ընթրիքի սեղան մը սարքեցին Զէքիեան Գերապայծառին համար։ Նկատի ունենալով, որ անցեալի մէջ Էօզֆուրունճու աշակերտած է Գերապայծառին, վերջին շրջանին Եշիլգիւղի մէջ ձեւաւորուած է գեղեցիկ աւանդութիւն մը՝ նման սեղաններու կազմակերպումով։ Հիւրերու շարքին էին Երուանդ Պարէտ Մանոք, Ռաֆֆի Փորթագալ, Վազգէն Պարըն եւ համայնքային շրջանակներէն այլ զանազան դէմքեր։
Սեղանակիցները զը-րուցեցին անմիջական մթնոլորտի մը մէջ եւ ունկնդրեցին Զէքիեան Գերապայծառի խօսքին։
Շաբաթ, Յունիս 3, 2017