ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Գալֆաեան տան մէջ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Տղաքը ամբողջ տարուան իրենց աշխատանքին արդիւնքը ներկայացուցին՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Դասարանի ուսուցչուհի Մելինա Զենկիլիի հսկողութեան տակ պատրաստուած էր յայտագիրը։ Տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը։

Մինչ փոքրիկները ստացան իրենց առաջին վկայականները, հանդէսին յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ալ շարունակուեցաւ բարձր տրամադրութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2024