ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին հանդիսաւոր համերգով մը հանդէս եկաւ՝ իր հիմնադրութեան 95-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյ մէջ, ուր շաբաթ երեկոյեան երաժշտասէրներու հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրերն էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։ Մասնակիցներու շարքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան եւ իր գործակից ընկերները, Պէյօղլուի յարակից մարմիններէն պատասխանատուներ, քոյր դպրաց դաս-երգչախումբերու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ երաժշտասէրներ։
Լուսաւորիչ երգչախումբը Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեան ներքեւ հանդէս եկաւ հերթական անգամ խորապէս տպաւորելով իր ունկնդիրները։ Յայտագրի ընթացքին ներկայացուեցան հայկական եկեղեցական եւ աշխարհիկ երաժշտութենէն զանազան գործեր։ Երգացանկին մաս կազմեցին նաեւ միջազգային դասական գործեր։ Բոլորի պարագային ալ Լուսաւորիչ երգչախումբը բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեց՝ արժանանալով որոտընդոստ ծափահարութիւններու։ Երգեհոնահար Ռոպէր Տողանայ եւ խումբի մենակատարներն ալ կարեւոր բաժին ունեցան արձանագրուած այս փայլուն յաջողութեան մէջ։
Յոբելեանին առթիւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ձեռամբ յուշանուէրներ յանձնուեցան խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանին եւ երգեհոնահար Ռոպէր Տողանային։ Իր կարգին, դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։
Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհութեան եւ շնորհաւորութեան խօսքով եզրափակուեցաւ երեկոյթը, որ վստահաբար անմոռանալի կը մնայ մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։