ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԵՌՈՒԶԵՌ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Հայոց հաւատքի հօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարներու գիւտին տօնը համախմբեց հաւատացեալ ժողովուրդը։ Ուրբաթ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ նախատօնակ, որուն հանդիսապետեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Շաբաթ առաւօտ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարներու գիւտի տօնին առթիւ արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ քարոզեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ քահանայ հայրերուն կողմէ։

Երեկոյեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Հսկումի արարողութիւն։ Ներկայ էին Տ. Գրգիոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ այլ դպիրներ։ Արարողութեան աւարտին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքներով կատարուեցաւ ջրօրհնէք։

Երէկ առաւօտ կղզիի արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որուն առընթերակայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Արմէն Քհնյ. Մելքոնեան, որ Պրիւքսելէն հիւրաբար կը գտնուի քաղաքս։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Օրուան պատգամին մէջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընդգծեց, որ եկեղեցին բոլոր հաւատացեալներու հարազատ տունն է։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Վարդուհի Տեմիրճիօղլուի։

Ս. Պատարագը միեւնոյն ժամանակ ունէր գոհաբանական բնոյթ, որովհետեւ շաբաթավերջին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նշեց իր քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ներկայ էին հոգեւոր հայրերը, երգչախումբի անդամները, համայնքային վարիչներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան բոլորի ներկայութեամբ որդիաբար երախտագիտութիւն յայտնեց տեղապահ Սրբազան Հօր կողմէ Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ տրուած անդրանիկ այցելութեան համար։ Հայր Սուրբը Նորին Սրբազնութեան յանձնեց եկեղեցւոյ հրատարակութիւններէն նմոյշներ։ Ան ջերմօրէն շնորհաւորեց նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի քահանայական ձեռնարդութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Նոյն առթիւ յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ յոբելեար Սրբազան Հօր։

Ատենապետ Լեւոն Շատեանն ալ շնորհաւորեց յոբելեար Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, տեղապահ Սրբազան Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ծաւալուած գործունէութիւններուն մասին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ աշակերտներու համար յատկացուած կրթաթոշակներուն եւ սուրիահայ գաղթական ընտանիքներուն ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութիւններուն։

Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ հատեց իրեն համար պատրաստուած կարկանդակը եւ ելոյթ մը ունենալով ընդգծեց, որ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին աստուածային շնորհ մըն է մեր համայնքին համար, որովհետեւ այնտեղ կը գիրկընդխառնուին մեր համայնքի զանազան թաղերու բնակիչ անդամները։

Սիրոյ սեղանի տեւողութեան Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամները ներկայացուցին տոհմիկ երգերու փունջ մը։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ իր խօսքին մէջ կանգ առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ դրսեւորուած կամքին վրայ։ Ան ըսաւ, որ այդ կամքին շնորհիւ Հայ Եկեղեցին ունեցաւ ամուր հիմքեր ու մենք ալ այսօր պէտք է տէր կանգնինք այդ մէկուն՝ որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել մեր եկեղեցւոյ յարատեւութիւնը։

Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ աղօթքով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2017