ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի եւ մեր ժամագիրքը» խորագրեալ բանախօսութիւն մը։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրեր։ Երեկոյթի ատենախօսն էր բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։
Յայտագրի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ապա Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին շարժառիթով ծաւալուն ելոյթ մը ունեցաւ Սեւան Տէյիրմենճեան, որ շուրջ երկու ժամ բազմակողմանի մանրամասնութիւններ ներկայացուց ունկնդիրներուն։
Ձեռնարկի տեւողութեան Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի շարականներու կատարումներով հանդէս եկան՝ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու եւ Սայաթ Սրկ. Չընարեան, որոնց նուագակցեցաւ Յակոբ Մամիկոնեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքէն վերջ, ներկաները միասնաբար երգեցին «Սիոնի»ն, ինչ որ ստեղծեց բարձր տրամադրութիւն։