ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ Ի ՆՊԱՍՏ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքը, որ վերջին տարիներուն դարձած է աւանդական։ Այս տարի հինգերորդ անգամ կազմակերպուեցաւ Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքը Գնալը կղզիի վրայ եւ դարձեալ արժանացան անմիջական հետաքրքրութեան։ Այս խրախճանքը մեր հաւաքական կեանքէն ներս իսկապէս դարձած է աւանդութիւն մը, որովհետեւ թէ՛ առիթ կը հանդիսանայ Վաքըֆլըգիւղի ի նպաստ զօրակցութեան եւ թէ միեւնոյն ժամանակ կարելիութիւն կ՚ընձեռէ Մուսա լերան վերաբերեալ ամբողջ յիշողութիւնը վերակենդանացնելու։

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս շաբաթ երեկոյեան Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքը սկսաւ աղօրհնէքով, որուն հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Օրհնուած աղով եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղակայուած հսկայ կաթսաներու մէջ սկսաւ աւանդական հարիսայի պատրաստութիւնը։ Հարիսան պատրաստեցին՝ Պետրոս Շիշմանեան, Քամի Քարթուն, Պօղոս Շիշմանեան, Կարօ Պէպէք, Միսաք Սիլահլը եւ Արթին Ճան Պահարօղլու։ Հարիսայի պատրաստութեան զուգահեռ տեղի ունեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Խրախճանքի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ մեր ծանօթ ու փորձառու ազգայիններէն Միհրան Ուլիկեան, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր այս գիւղը առարկայ կը դարձնէ իր աջակցութեան եւ համայնքային կեանքէն ներս շարժում մը ստեղծած է՝ որպէսզի Վաքըֆլըգիւղի նկատմամբ անտարբերութիւն չցուցաբերուի։ Միհրան Ուլիկեանի ողջոյնի խօսքէն վերջ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկաւ սիրուած երգիչ Պարթեւ Կարեան։ Ժողովուրդը ոգեւոր մասնակցութիւն բերաւ այս երեկոյթին։ Մինչեւ առաւօտ հարիսայի կաթսաները արդէն կ՚եռային՝ որպէսզի Վաքըֆլըգիւղի աւանդական այս ուտեստը բաժնուի մեր ժողովուրդին։

Երէկ առաւօտ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ներկայ էին Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ Վաքըֆլըգիւղի հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Մուրատ Սրկ. Խաչիկօղլու եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասու անդամոց կողմէ՝ Հրանդ Չիզմեճեանի ղեկավարութեամբ։

Օրուան քարոզին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախ բացատրեց, որ Աստուած սէր է, իբր այդ մեր ժողովուրդի զաւակները զիրար պէտք է սիրեն։ Ապա նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ Վաքըֆլըգիւղի մասին։ Ան շեշտեց, որ սա Թուրքիոյ տարածքէն ներս մնացած միակ հայկական գիւղն է, հետեւաբար պէտք է ամէն ձեւով զօրակցիլ Վաքըֆլըգիւղին ու վաքըֆլըգիւղցիներուն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան միեւնոյն ժամանակ կարեւորեց ուրիշ հանգամանք մը։ Այսպէս, արեւմտահայ գաւառներու գրեթէ բոլոր բարբառները այսօր արդէն մատնուած են կորստեան, դարձած ըլլալով պատմութեան սեփականութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ միակ բացառութիւնը կը կազմէ Վաքըֆլըգիւղի՝ Մուսա լերան բարբառը, որ կ՚ապրի շնորհիւ Վաքըֆլըգիւղի գոյութեան։ Ուստի, նորին սրբազնութիւնը կոչ ուղղեց՝ որպէսզի Վաքըֆլըգիւղի նկատմամբ անպայման զօրակցութիւն ցուցաբերուի եւ այդ զօրակցութեան միջոցաւ արդէն կ՚երաշխաւորուի նաեւ Վաքըֆլըգիւղի բարբառին կենսունակ մնալը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հաւատացեալ ժողովուրդին բաժնուեցաւ օր մը առաջ պատրաստութեան ձեռնարկուած աւանդական հարիսան։ Հսկայ կաթսաները ուխտաւորներուն կողմէ պարպուեցան։ Միեւնոյն ժամանակ, կղզիի եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս պատրաստուած էին տաղաւարներ, որոնց այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած էին Վաքըֆլըգիւղի բնորոշ արտադրութիւնները։ Կղզեբնակները այդ արտադրանքին նկատմամբ ցուցաբերեցին մօտիկ հետաքրքրութիւն եւ անոնց վաճառքը կատարուեցաւ ի նպաստ Վաքըֆլըգիւղի եկեղեցւոյ։

Այսպէսով, հերթական անգամ մեր համայնքէն ներս զօրակցութեան ողջունելի պատկեր մը ստեղծուեցաւ՝ Ս. Աստուածածնի տաղաւարի յաջորդող շաբաթավերջերէն մէկուն Գնալը կղզիի մէջ Վաքըֆլըգիւղի խը-րախճանքի կազմակերպմամբ։

 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2018