ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ ԸՆԹՐԻՔԻ ՍԵՂԱՆՈՎ ՄԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս եզրափակուեցաւ 2021 թուականի ամրան շրջանը։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, զուգադիպեցաւ կայանի հիմնադրութեան 55-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Դժբախտաբար, անցեալ տարուան նման, այս տարի եւս Կազդուրման կայանը քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով չկարողացաւ հիւրընկալել իր սաները, որոնք ամրան արձակուրդին համար պիտի հիւրընկալուէին անոր երդիքին տակ։ Այս արտասովոր վիճակին մէջ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմինը կազմակերպեց յարակից գործունէութիւններ, որոնք իրենց ընկերամշակութային ու մարզական բնոյթով ուղղուած էին՝ առաջին հերթին կղզեբնակ ընտանիքներու զաւակներուն։ Այսպէսով կայանի համալիրէն ներս ամրան շրջանի բնորոշ եռուզեռը հարիւր տոկոսով չդադրեցաւ, ինչ որ մխիթարական նշանակութիւն ունեցաւ։ Հակառակ համաճարակի շրջանի մեծ դժուարութիւններուն, Կազդուրման կայանը մեր համայնքի ուշադրութեան կիզակէտին պահելու առաջադրութեամբ մեծ ջանքեր գործադրուեցան ատենապետ Արի Չոլաքի գլխաւորած խնամատար մարմնին, նաեւ տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլուի կողմէ։

Եղանակի աւարտին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ Կազդուրման կայանի պատասխանատուները պատուեց ընթրիքի սեղանով մը, որ առիթ հանդիսացաւ անոնց նկատմամբ գնահատանքն ու շնորհաւորական զգացումները արտայայտելու։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2021