ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈԹՈՂ

Թրքա­հա­յու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին տօ­նախմ­բեց ե­րախ­տա­գի­տա­կան յա­պա­ղած տուր­քի մը մա­տու­ցու­մը։ Սա իս­կա­պէս տօն մըն էր՝ այն ա­ռու­մով, որ ար­դա­րու­թիւն մա­տու­ցուե­ցաւ ար­քու­նի ճար­տա­րա­պետ­նե­ր Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դարձ բաժ­նուած ան­դամ­նե­րուն նկատ­մամբ։ Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­մով կը խորհր­դան­շուի այն վիթ­խա­րի ներդ­րու­մը, զոր հա­յե­րը ու­նե­ցած են այս աշ­խար­հագ­րու­թեան մէջ։ Եւ ա­նոնց հա­մար կա­ռու­ցուած նոր շի­րի­մը Սկիւ­տա­րի գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Խաչ թա­ղա­մա­սէն ներս եր­կինք խո­յա­ցած է որ­պէս ե­րախ­տա­գի­տու­թեան կո­թող։

Մեր հա­մայն­քը ար­դէն մի­ջո­ցէ մը ի վեր կը հե­տե­ւէր, որ Հրաչ եւ Յա­կոբ Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րու բա­րե­րա­րու­թեամբ եւ «Հայ­ճար»ի ջան­քե­րով կ՚ըն­թա­նար Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րուն հա­մար նոր դամ­բա­րան մը կա­ռու­ցե­լու աշ­խա­տան­քը։ Ի­րենց կող­մէ կա­ռու­ցուած Պէ­շիկ­թա­շի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նին նմա­նու­թեամբ կեր­տուած շի­րի­մը ձօ­նուե­ցաւ բա­րե­րար եղ­բայր­նե­րու բա­րե­յի­շա­տակ ծնո­ղաց՝ Շնոր­հիկ եւ Վահ­րամ Քըր­մը­զեան­նե­րու յի­շա­տա­կին։ Հարկ է նշել, որ ճար­տա­րա­պետ­ներ՝ Դա­ւիթ Այ­նա­լը, Գէորգ Էօզ­գա­րա­կէօզ եւ Նա­զար Պի­նաթ­լը կա­րե­ւոր դեր մը խա­ղա­ցած են այս ուղ­ղու­թեամբ։

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, Շա­բաթ ա­ռա­ւօտ Պա­լեան­նե­րու նո­րա­կերտ դամ­բա­րա­նին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։ Այս առ­թիւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն մը կա­տա­րուե­ցաւ հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի, ո­րու կող­քին էին Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հեր­կե­լեան եւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։

Ո­գե­կոչ­ման ու շիր­մին բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Քա­տիր Թոփ­պաշ, Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան խորհր­դա­տու Էօ­մէր Ա­րը­սօյ, Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէմ, այլ բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­կալ­ներ, մեր հա­մայն­քի բո­լոր խա­ւե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հիւ­րեր։

Հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նէն վերջ նո­րա­կերտ շիր­մին մօտ գոր­ծադ­րուե­ցաւ յայ­տա­գիր մը՝ հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ ա­րուես­տա­բան Էլ­մոն Հան­չէ­րի։ Այս առ­թիւ իր սրտի խօս­քը ար­տա­սա­նեց Հրաչ Քըր­մը­զեան, որ­մէ վերջ հան­դէս ե­կան Քա­տիր Թոփ­պաշ եւ Էօ­մէր Ա­րը­սօյ։ Քա­տիր Թոփ­պաշ ընդգ­ծեց, որ Պա­լեան ըն­տա­նի­քը հետ­քը թո­ղած է Իս­թան­պու­լի վրայ, որ վա­ղե­մի քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու բնօր­րան խա­ղա­ղու­թեան քա­ղաք մըն է, ուր զա­նա­զա­նու­թիւն­նե­րը կ՚ապ­րին հա­մա­կե­ցու­թեան եւ ան­դոր­րու­թեան մէջ։ Ըստ Թոփ­պա­շի, Պա­լեան գեր­դաս­տա­նը հինգ սե­րունդ շա­րու­նակ կա­տա­րած է լուրջ գոր­ծեր, ո­րոնք այ­սօր կը հան­դի­սա­նան հպար­տու­թեան ա­ռիթ­ներ։ Ա­նոնց վիթ­խա­րի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կը պայ­մա­նա­ւո­րեն քա­ղա­քի ո­գին, հե­տե­ւա­բար Պա­լեան­նե­րը կը դա­սուին ան­մո­ռա­նա­լի­նե­րու շար­քին։

Պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ա­ռըն­թեր ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­րուես­տա­բան Ա­ֆի­ֆէ Պա­թուր, որ ա­կա­դե­մա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ խոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րած է Պա­լեան գեր­դաս­տա­նին եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն շուրջ ու իբր այդ կը հա­մա­րուի պա­լեա­նա­գէտ մը։ Ա­ֆի­ֆէ Պա­թուր այս առ­թիւ ընդգ­ծեց, որ երբ ա­ռա­ջին ան­գամ սկսած էր աշ­խա­տիլ Պա­լեան­նե­րու վրայ, ար­դէն ան­մի­ջա­պէս անդ­րա­դար­ձած էր, որ մուտք կը գոր­ծէ գի­տա­կան մեծ գան­ձա­տան մը շե­մէն ներս։ Յայտ­նի գիտ­նա­կա­նի խօս­քե­րով, Պա­լեան­նե­րը կը հա­մա­րուին ի­րենց ապ­րած շրջա­նի լա­ւա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մին՝ ճար­տա­րա­պե­տա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Ե­թէ այ­սօր Իս­թան­պուլ հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կով քա­ղաք մըն է, ա­պա այդ հան­գա­ման­քը կը պար­տի Պա­լեան­նե­րու ա­րա­րում­նե­րուն։ Ա­ֆի­ֆէ Պա­թուր ար­տա­յայ­տեց իր խոր յար­գան­քը Պա­լեան­նե­րու վաս­տա­կին առ­ջեւ՝ որ­պէս ճար­տա­րա­պե­տու­թեան պատ­մա­բան։ Ան մատ­նան­շեց, որ Պա­լեան­նե­րու մա­սին գրե­լու իւ­րա­քան­չիւր ա­ռիթ ի­րեն յու­զում կը պատ­ճա­ռէ ա­մէն ան­գամ, եւ ա­մէն ան­գա՛մ կը հա­մո­զուի, որ ճիշդ ո­րո­շում մը տուած է՝ Պա­լեան­նե­րու վրայ աշ­խա­տե­լով։

Այս բո­լո­րէն վերջ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ շեշ­տեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը միշտ բա­րի համ­բաւ ձեռք բե­րած է եւ հպարտ զգա­ցած՝ իր հաս­ցու­ցած ա­րուես­տա­գէտ­նե­րով, ար­հես­տա­ւոր­նե­րով։ Բարձր գնա­հա­տե­լով Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը՝ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ընդգ­ծեց, որ այդ ամ­բող­ջին մէջ կան շատ յայտ­նի կո­թող­ներ։ Յա­մե­նայն­դէպս, շու­քի տակ պէտք չէ մնայ նաեւ Պա­լեան­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած ե­կե­ղե­ցա­շի­նու­թեան աշ­խա­տան­քը։ Ան յի­շե­ցուց, որ գեր­դաս­տա­նի յա­ռա­ջա­տար կարգ մը ա­նուն­նե­րուն յի­շա­տա­կը ան­մա­հա­ցած է նաեւ ի­րենց իսկ կող­մէ կա­ռու­ցուած Պէ­շիկ­թա­շի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կէն ներս։ Անդ­րա­դառ­նա­լով նո­րա­կերտ շիր­մին՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յայտ­նեց, որ ա­պա­հո­վա­բար ա­նոնք այ­լեւս ա­ւե­լի հան­գիստ են ի­րենց յա­ւի­տե­նա­կան նեն­ջին մէջ։

Ե­լոյթ­նե­րուն զու­գա­հեռ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ձե­ռամբ յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նուե­ցան Քա­տիր Թոփ­պա­շին եւ Էօ­մէր Ա­րը­սո­յին։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ օրհ­նու­թեան ու գնա­հա­տան­քի գիր մըն ալ յանձ­նեց Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րուն։ Հան­դի­սու­թեան յատ­կան­շա­կան պա­հե­րէն մին ե­ղաւ այն, որ Քա­տիր Թոփ­պա­շի ներ­կա­յու­թեամբ Հրաչ Քըր­մը­զեան փա­փաք յայտ­նեց, որ­պէս­զի Իս­թան­պու­լի հրա­պա­րակ­նե­րէն կամ պո­ղո­տա­նե­րէն մին վե­րա­նուա­նուի Պա­լեան­նե­րու ա­նու­նով։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին բո­լոր ներ­կա­նե­րը ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ ու մաս­նա­ւո­րա­պէս ի­րենց շնոր­հա­ւո­րու­թիւնն ու գնա­հա­տան­քը յղե­ցին բա­րե­րար Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րու։ Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յով­հան­նէս Կո­պո­յեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ժան Կավ­րի­լօ­ֆի կող­մէ գլխա­ւո­րուած «Հայ­ճար»ի ան­դամ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016