ԵԹՈՎՊԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Եթովպիոյ աւագ հիւպատոս Ուոնտիմու Կեպրեմիքայէլը։

Ինչպէս ծանօթ է, քաղաքիս մէջ գոյութիւն ունի եթովպացի համայնք մը, որու հաւատացեալները՝ իբրեւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու խումբի անդամ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանակիցներու շարքին կը դասուին։ Ուստի, անոնք իրենց պաշտամունքը կը կատարեն Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս՝ Ս. Յարութիւն մատրան մէջ եւ ունին նաեւ իրենց առաջնորդ վարդապետը։

Աւագ հիւպատոսը փափաքած էր նորին սրբազնութեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ եւ շնորհակալութիւն յայտնել՝ եթովպացի հաւատացեալներու նկատմամբ ցուցաբերուած եղբայրական մերձեցման եւ հիւրընկալութեան համար։ Ընդհանուր փոխանորդը ջերմ զրոյցէն վերջ աւագ հիւպատոսին նուիրեց Պատրիարքարանի հաւաքածոյին մասին գիրք մը։ Հանդիպումը տեւեց շուրջ ժամ մը։

Աւագ հիւպատոսը Գումգաբուէն հրաժեշտ առնելէ առաջ այցելեց նաեւ Մայր եկեղեցի։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018