ԹՈՓԳԱԲՈՒՑԻՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Խումբին միացած էր նաեւ թաղի պատուոյ ատենապետուհին՝ համայնքային յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեան։

Այս տարի 2 դեկտեմբերին պիտի նշուի Թոփգաբուի եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը եւ նոյն օրը սիրոյ սեղան պիտի սարքուի ի նպաստ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Թաղականները խնդրեցին, որ նորին սրբազնութիւնը նախագահէ օրուան արարողութիւններուն։ Զրոյցի տեւողութեան ընդհանուր փոխանորդին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան եկեղեցւոյ եւ դպրոցի կացութեան շուրջ։ Թաղականները նշեցին, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը այս տարի ունի 128 աշակերտ։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդառաջեց իրեն ներկայացուած խնդրանքին, գնահատեց թաղային խորհուրդի աշխատանքը եւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018