ՍՈՒՐԲ ԱՆԴՐԷԱՍԻ ՏՕՆԸ
Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուեցան Ս. Անդրէասի փայլուն տօնակատարութիւններ։ Ըստ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ աւանդութեան, Ս. Անդրէաս առաքեալի յիշատակին օրը կը տօնախմբուի նաեւ իբրեւ Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան հիմնադրութեան օրը։ Աթոռի տարեդարձի արարողութիւններուն նախագահեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը։ Այս շրջագծով Պէյօղլուի Յունաց Զափիոն վարժարանին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, իսկ աւելի վերջ Թաքսիմի Այա Թրիատա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը, որով հանդէս եկաւ Սերպիայէն նուագախումբ մը։
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի հրաւէրին ընդառաջ՝ տարեդարձի այս արարողութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ Նորին Սրբութեան շնորհաւորութիւններ եւ արեւշատութեան բարեմաղթանքներ փոխանցեց յանուն Պատրիարքական Աթոռին ու մեր համայնքին։ Ընդհանուր Փոխանորդին կ՚ընկերանար Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։