ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԵՏԱՅԼ

Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը կը շարունակէ գնահատանքի առարկայ դարձնել սփիւռքահայ կրթական մշակները, որոնց կողմէ տարուած աշխատանքը մեծ նշանակութիւն ունի հայապահպանութեան տեսակէտէ։ Այս ծիրին մէջ պարգեւատրուեցաւ նաեւ Էսաեան վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, որ իսթանպուլահայ կրթական կեանքէն ներս ունի մեծ վաստակ մը եւ քանի մը տասնամեակէ ի վեր անձնուրաց աշխատանք կը տանի սերունդները հայեցի դաստիարակութեամբ կրթելու ուղղութեամբ։

Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան երէկ պարգեւատրուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ սարքուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանի ընթացքին Սաթենիկ Նշանին յանձնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան կողմէ իրեն շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» մետայլը։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին Սաթենիկ Նշանին պարգեւը յանձնեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։ Սա երախտագիտութեան մետայլ մըն էր խորքին մէջ եւ այդ մէկը Սաթենիկ Նշանին տրուեցաւ իր արդար վաստակին համար։

Պարգեւատրումէն վերջ Սաթենիկ Նշան հանդէս եկաւ հակիրճ սրտի խօսքով մը, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն տրուած պարգեւին համար։ Այս առթիւ ան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ հաւաքոյթի բոլոր մասնակիցներուն կողմէ, որոնք զինքը շնորհաւորեցին եւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցան կրթական բնագաւառի մէջ անոր կողմէ ներդրուած բազմամեայ վաստակին բերումով։

Հարկ է նշել, որ Սաթենիկ Նշանի պարգեւատրումը նախատեսուած էր տակաւին Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ եւ զանազան պատճառներով այդ պարգեւի յանձնումը հազիւ երէկ կատարուեցաւ՝ տնօրինութիւնը վերահաստատուած ըլլալով նաեւ երկրի այժմու ղեկավարութեան կողմէ։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Սաթենիկ Նշանը եւ իրեն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2018